«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մեքսիքոյի նորընտիր նախագահ Անտրես Մանուէլ Լոփես Օպրատոր կը պատրաստուի վաճառելու շուրջ 218 միլիոն տոլար արժողութեամբ Boeing 787 Dreamlinerը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, հաղորդած է «Reuters» գործակալութիւնը:
Աւելի կանուխ, պետութեան նոր ղեկավարը յայտարարած էր 60 պետական ինքնաթիռներէ եւ 70 ուղղաթիռներէ հրաժարելու ծրագիրներուն մասին:
«Մենք կը վաճառենք բոլոր ինքնաթիռներն ու ուղղաթիռները, որոնցմէ օգտուած են քաղաքական կաշառակեր գործիչները»,- պարզաբանած է իր գործողութիւնները Օպրատոր: Յայտնի է, որ նախագահական հանրանաւը փոխադրուած է ԱՄՆ Դեկտեմբեր 3ին: Մեքսիքոյի ղեկավարը նաեւ խոստացած է դադրեցնել թոշակներու վճարումը նախկին նախագահներուն եւ կրճատել պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերը:
Նաեւ կը նշուի, որ պաշտօնակալութենէ առաջ, որ կայացած է Դեկտեմբեր 1ին, Լոփեսը քաղաքացիներուն համար բացած է Los Pinos նախագահական նստավայրի դռները: Իր համեստութեամբ յայտնի Անտրեսը բազմիցս յայտարարած է, որ չի ծրագրեր ապրիլ նախագահական նստավայրի մէջ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, զայն կը վերածէ մշակութային կեդրոնի: