Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Թրամփ Բացառիկ Որակած Է Չինաստանի Ղեկավարի Հետ Ունեցած Հանդիպումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ Արժանթինի մէջ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ G20ի գագաթնաժողովին իր ունեցած հանդիպումը Դեկտեմբեր 3ին բնութագրած է որպէս երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ կատարուած մեծ թռիչք:

«Չինաստանի առաջնորդ Շի Ճինփինկի հետ հանդիպումս բացառիկ էր: Չինաստանի հետ յարաբերութիւնները մեծ թռիչք արձանագրեցին»,- գրած է Թրամփ թուիթըրեան էջին մէջ:

«Շատ լաւ բաներ տեղի կ’ունենան… Չինաստանը կը կարողանայ մեծապէս շահիլ առեւտրական գործարք կնքելու պարագային»,- յաւելած է ԱՄՆի նախագահը: Դեկտեմբեր 2ին Թրամփ Twitterի վրայ գրած էր, որ Չինաստանը համաձայնած է կրճատել եւ վերացնել ամերիկեան արտադրութեան մեքենաներու ներկրման մաքսերը: «Չինաստանը համաձայնեցաւ կրճատել եւ վերացնել ԱՄՆէն Չինաստան մեքենաներու ներկրման մաքսերը: Այս պահուն մաքսերու չափը կը կազմէ 40 տոկոս»,- նշած է նախագահը:

Անցած հանգստեան օրերուն ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրափ եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Արժանթինի մէջ G20ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կայացած հանդիպումին համաձայնութեան եկած են 90 օրուան ընթացքին նոր առեւտրական համաձայնագիր կնքելու համար ջանքեր գործադրելու շուրջ: Միաժամանակ Սպիտակ տան ղեկավարը համաձայնած է Յունուար 1էն 200 միլիառ տոլար գումարի չինական արտադրանքի սակագիները 10 տոկոսէն չբարձրացնել մինչեւ 25 տոկոս, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին