«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կիրակի Մուսթաքպալ շարժումի իրաւաբանական գերատեսչութիւնը խստօրէն մեղադրեց նախկին նախարարի Ուիամ Ուահապը՝ ըսելով, որ շաբաթավերջին կատարած անոր մեկնաբանութիւնները ոչ այլ ինչ ըրած են, քան յաւելեալ սուտեր ու չարաշահումներ աւելցուցած անոր դատական թղթածրարին:
Գերատեսչութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց Ուիամ Ուահապի թիկնապահին՝ Մուհամմատ Ապու Տիապի յետթաղման արարողութեան: Յայտնենք, որ Ապու Տիապ Շաբաթ երեկոյեան սպաննուեցաւ ներքին անվտանգութեան ուժերու՝ Ուահապը ձերբակալելու գործողութեան ընթացքին: Ըստ ներքին անվտանգութեան ուժերուն՝ նախկին նախարարի զօրակիցները կրակ արձակեցին ոստիկանութեան ուղղութեամբ: Այդ փոխհրաձգութեան ընթացքին պատահականօրէն սպաննուեցաւ թիկնապահը:
Նշենք, որ Ուահապին բազմիցս հրահանգած էին ներկայանալ հարցաքննութեան՝ Մուսթաքպալ շարժումի առաջնորդ, վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հասցէին կատարած իր մեկնաբանութիւններուն պատճառով:
Շաբաթ երեկոյեան ներքին անվտանգութեան ուժերու գործողութենէն, ինչպէս նաեւ Կիրակի առաւօտեան Ապու Տիապի մահուան լուրը յայտարարելէ ետք Ուահապ շարունակեց մեկնաբանութիւններ կատարել ընդդէմ Հարիրիի՝ վերջինս մեղադրելով իր թիկնապահին՝ Մուհամմատ Ապու Տիապի սպանութեան մէջ:






