Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 30 Նոյեմբեր 2018-ին Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-ին մեկնարկը, որմէ գոյացաւ 118.500 ամերիկեան տոլար։ Այս առթիւ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսը մեր ժողովուրդի զաւակներուն յղեց ներքեւի կոչը։

Սիրելի հայորդիներ,

Մեր նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին հոգեւոր-ազգային առաքելութեան ամէնէն կարեւոր բնագաւառներէն մին է, որ կ’իրագործուի ազգային վարժարաններու ցանցով։

Ազգային իշխանութեան սկզբունքն է ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի նիւթական անձկութեան պատճառով հայ աշակերտներ չզրկուին հայկական վարժարանի եզակի մարդակերտումէն։

Կը հաւատանք, որ լիբանանահայ ապագայ սերունդին առողջ կազմաւորումը թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ հայ Սփիւռքին մարդուժի ապահովման կը ծառայէ։

Այս օրհնեալ առաքելութիւնը շօշափելի իրականութիւն կը դառնայ մեր բոլորին հայադրոշմ զոհողական օժանդակութեամբ։

Այս նպատակին համար հաստատած ենք «ՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԼՈՒ ԾՐԱԳԻՐ»-ը, որուն միջոցաւ տարեկան 250 ամերիկեան տոլար նուիրելով՝ հայորդի մը կարելիութիւնը կ’ունենայ հայ աշակերտի մը տարեկան կրթաթոշակի ծախսին մասնակից դառնալու՝ կապ պահելով Ազգային Առաջնորդարանին հետ (հեռ. 01-258301, 70-258301, ե-նամակ fund@armprelacylb.org)։ Կը հրաւիրենք ձեզ, որ նուազագոյնը մէկ աշակերտ հովանաւորէք։

Վստահ ըլլալով, որ պիտի քաջալերէք մեր այս ազգօգուտ նախաձեռնութիւնը՝ ձեզի քաջառողջութիւն կը մաղթենք եւ առաքեալին հետ կը կրկնենք. «Ձեր այս օժանդակութեամբ ապացոյցը տուած պիտի ըլլաք ձեր քրիստոնէական հաւատքին, … եւ երախտագիտութեամբ պիտի աղօթեն ձեզի համար, այն բացառիկ շնորհքին համար, որ Աստուած ձեզի տուած է» (Բ.Կր 9.13-14)։  

 

Աղօթարար՝

 Նարեկ Արքեպիսկոպոս

 Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին