Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Ուահապի Մեկնաբանութիւնները Պիտի Օգտագործուին Նոյն Ինքն Իրեն Դէմ. Մուսթաքպալ Շարժում

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կիրակի Մուսթաքպալ շարժումի իրաւաբանական գերատեսչութիւնը խստօրէն մեղադրեց նախկին նախարարի Ուիամ Ուահապը՝ ըսելով, որ շաբաթավերջին կատարած անոր մեկնաբանութիւնները ոչ այլ ինչ ըրած են, քան յաւելեալ սուտեր ու չարաշահումներ աւելցուցած անոր դատական թղթածրարին:
Գերատեսչութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց Ուիամ Ուահապի թիկնապահին՝ Մուհամմատ Ապու Տիապի յետթաղման արարողութեան: Յայտնենք, որ Ապու Տիապ Շաբաթ երեկոյեան սպաննուեցաւ ներքին անվտանգութեան ուժերու՝ Ուահապը ձերբակալելու գործողութեան ընթացքին: Ըստ ներքին անվտանգութեան ուժերուն՝ նախկին նախարարի զօրակիցները կրակ արձակեցին ոստիկանութեան ուղղութեամբ: Այդ փոխհրաձգութեան ընթացքին պատահականօրէն սպաննուեցաւ թիկնապահը:
Նշենք, որ Ուահապին բազմիցս հրահանգած էին ներկայանալ հարցաքննութեան՝ Մուսթաքպալ շարժումի առաջնորդ, վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի եւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հասցէին կատարած իր մեկնաբանութիւններուն պատճառով:
Շաբաթ երեկոյեան ներքին անվտանգութեան ուժերու գործողութենէն, ինչպէս նաեւ Կիրակի առաւօտեան Ապու Տիապի մահուան լուրը յայտարարելէ ետք Ուահապ շարունակեց մեկնաբանութիւններ կատարել ընդդէմ Հարիրիի՝ վերջինս մեղադրելով իր թիկնապահին՝ Մուհամմատ Ապու Տիապի սպանութեան մէջ:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին