Լիբանանահայ մշակութային շաբաթավերջը յատկանշուեցաւ ԹՄՄ Երիտասարդական Նուագախումբի տարեկան համերգով:
ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս նուագախումբը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ ան կայացած իրականութիւն մըն է լիբանանահայ արուեստի բեմին վրայ ուր ունի իր ուրոյն դրոշմը:
ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը ջանք չէր խնայած լիբանանահայ արուեստասէր հանրութեան հրամցնելու հայկական եւ միջազգային երաժշտութեան եւ երգարուեստի հմայիչ փունջ մը:
Արդարեւ լաւապէս ընտրուած 16 երաժշտութիւններու եւ երգերու ցանկով, երաժշտական անզուգական ղեկավար Վիգէն Չալեանի համադրումով, 29 երիտասարդ երաժիշտներ շուրջ 90 վայրկեան տեւողութեամբ Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ ներկայ հանդիսատեսները հմայուած պահեցին շաբաթավերջի երկու երեկոներուն ալ:
Մանրամասնութիւններուն, ԹՄՄ Երիտասարդական նուագախումբի մասին յատուկ հաղորդում մը պիտի անդրադառնանք շուտով: