Չճանչցուած Պետութիւնները՝ Նոր Աշխարհակարգի Անբաժան Մաս
ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Վերջերս Արցախ էր Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը՝ կառավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքսէյ Ցուրքանի ղեկավարութեամբ: Զիրենք ընդունած է Արցախի պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը: Երկու չճանչցուած պետութիւնները արդէն իսկ յարաբերութիւններու որոշակի պաշար ունին: Հասունցած էր այդ յարաբերութիւնները ձեւակերպելու, որոշակի նոր մակարդակի հասցնելու անհրաժեշտութիւնը: Հիւրերը ժամանած են միջպետական համաձայնագիր ստորագրելու առաքելութեամբ: Ըստ իրեն՝ Արցախի եւ Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութիւններուն մէջ փոխադարձաբար առեւտրական ներկայացուցչութիւններ կը բացուին: «Կը նախատեսուի համաձայնագիրը ուժի մէջ մտնելէ ետք հիմնադրել առեւտրային ներկայացուցչութիւններ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան մեր արտադրողներուն վաճառելու իրենց արտադրանքը Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան մէջ կամ անոր միջոցով՝ այլ երկիրներու մէջ»,- համաձայնագիրի ստորագրութեան հետեւելիք քայլերն ու անոնցմէ ակնկալիքները կը թուարկէ Արցախի պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը: Նմանատիպ ակնկալիքներ ունին նաեւ հիւրերը: «Մենք կը նախատեսենք անցնիլ գործնական քայլերու, անոնք կ’ըլլան երկկողմ, փոխշահաւէտ: Առաջին հերթին տնտեսութեան մասին է խօսքը: Հետագային, համոզուած եմ, որ կ’ընդգրկենք նաեւ ընկերային, կրթական, մշակութային եւ առողջապահական ոլորտները: Առեւտրական ներկայացուցչութիւն ստեղծելու համաձայնագիրի ստեղծումը միջոցառում է, որ թոյլ կու տայ գործարար առաքելութիւններու փոխանակում իրականացնել»,- լաւատես է Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան կառավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքսէյ Ցուրքանը:
Չճանչցուած պետութիւնները յարաբերութիւններու զարգացման բաւական մեծ, բայց հիմնականօրէն դեռ չօգտագործուած ներուժ ունին. այդ առումով համոզուած են Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի կազմակերպած միջազգային գիտաժողովի մասնակիցները՝ գիտնականներ եւ փորձագէտներ Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն, Ռուսիոյ Դաշնութենէն, Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութենէն, Հարաւային Օսիայէն եւ Ապխազիայէն: Թեման՝ «Չճանչցուած պետութիւնները յետխորհրդային տարածաշրջանին մէջ. զարգացման ուղղութիւնները եւ հեռանկարները: «Աշխարհին մէջ այսօր 50 չճանչցուած պետութիւն կայ, թերեւս աւելի շատ: Ի հարկէ, անոնք գործող աշխարհակարգի մասը կը կազմեն: Անոնցմէ շատերը տարածաշրջանային քաղաքականութեան վրայ կ’ազդեն, ոմանք՝ նոյնիսկ համաշխարհային: Եւ զանոնք անտեսել, որովհետեւ չեն ճանչցուած, կարելի չէ, պարզապէս կարելի չէ»,- շեշտած է գիտաժողովի մասնակիցներէն Կովկասի հիմնարկի տնօրէն Ալեքսանդր Իսկանտարեանը:
Գիտական, փորձագիտական շրջանակներու հետ գիտաժողովին պաշտօնական շրջանակներն ալ մասնակցած են: Արցախի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը յոյս ունի, որ նման ձեւաչափով քննարկումները նաեւ կառավարութիւններուն կրնան հետաքրքրական մտքեր յուշել: «Վստահ եմ, որ գիտաժողովի աշխատանքները կ’օգնեն աւելի արդիւնաւէտ լուծելու մեր առջեւ ծառացած խնդիրները՝ ուսումնասիրելով եւ կիրարկելով այլ պետութիւններու, այդ կարգին՝ չճանչցուած պետութիւններու փորձը»,- ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները՝ ընդգծած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմինէ Ալեքսանեանը: Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութենէն ժամանած իր պաշտօնակիցն ալ նոյն կարծիքին էր: «Նոյն ճակատագրով եւ նոյն ձգտումներով կապուած երկու եղբայրական պետութիւններու յարաբերութիւնները կը զարգանան: Մօտ ապագային նպատակ ունինք ձեռք առնել շարք մը միջոցներ, մեր կապերը խորացնել»,- փակագիծերը դեռ մինչեւ վերջ չէ բացած Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալեքսանդր Սթեցիւք:
Ստեփանակերտի մէջ կայացած միջազգային գիտաժողովին մասնակցած են նաեւ Ապխազիայի արտաքին գործոց նախարարութեան, Հարաւային Օսիայի պետական համալսարանի եւ Ռուսիայէն Հարաւ-Դաշնային համալսարանի ներկայացուցիչները: Կազմակերպիչները կը նախատեսեն այս ձեւաչափով հանդիպումները ամէնամեայ դարձնել:
Ստեփանակերտ