Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

ՀՀ Նախագահը Հիւրընկալած Է Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու Ոլորտին Մէջ Համաշխարհային Ներդրումի Համար ՀՀ 2018ի Պետական Մրցանակակիր Ճեյմս Թրուշարտը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Արմէն Սարգսեան հիւրընկալած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրումի համար Հայաստանի Հանրապետութեան 2018 թուականի պետական մրցանակի արժանացած «Նեշընլ Ինսթրումենթս» ընկերութեան համահիմնադիր եւ նախագահ Ճեյմս Թրուշարտը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Սարգսեան շնորհաւորելով Ճեյմս Թրուշարտը ըսած է, որ Հայաստանը մեծ տեղ կը յատկացնէ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու զարգացման եւ կրնայ ըլլալ արդիւնաւէտ գործընկեր:
«Հայաստանը հանդիսանում է աշխարհի առաջատար երկրներից մէկը, որտեղ մենք կարող ենք զարգացնել նոր գաղափարներ, նոր տեխնոլոգիաներ եւ լինել 21րդ դարի կլոպալ զարգացման մասը»,– նշած է Հանրապետութեան նախագահը: Ան ըսած է, որ այսօր մեծ ընկերութիւնները կ’երթան դէպի նոր ծրագիրներ, ուր ազատութիւն կը տրուի երիտասարդներու նորարարական ներուժին, թարմ ու համարձակ գաղափարներուն՝ անոնց տալով հորիզոնական գործելու, նորարարութիւններ կատարելու հնարաւորութիւն:
Ճեյմս Թրուշարտը շնորհակալութիւն յայտնած է մրցանակի եւ Հայաստանի կողմէ նման գնահատանքի արժանանալուն համար: Ան նշած է, որ Հայաստանը ունի մեծ ներուժ բարձր արհեստագիտութիւններու բնագաւառին մէջ, ուր կրնան ըլլալ արտահանման իրական հնարաւորութիւններ:
2009 թուականին ՀՀ նախագահի հրամանագիրով հիմնուեցաւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրումներու համար ամէնամեայ միջազգային մրցանակ, որ 2018 թուականէն վերանուանուած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրումներու համար Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակ:
Ճեյմս Թրուշարտը այս մրցանակի իններորդ դափնեկիրն է: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին