«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինչպէս կը հաղորդեն տեղական լրատուամիջոցները, պետական դատախազ Սամիր Համմուտ երէկ մերժեց Սուրիոյ զօրակցութիւնը վայելող նախկին երեսփոխան, Թաուհիտ հոսանքի առաջնորդ Ուիամ Ուահապի բողոքը ընդդէմ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի:
Հինգշաբթի Ուահապ յայտարարեց, որ ինք բողոք ներկայացուցած է ընդդէմ Հարիրիի եւ անոր զօրակիցներուն: Վերջիններս ցոյցի ժամանակ մահուան սպառնալիքներ ուղղած են Թաուհիտ կուսակցութեան առաջնորդի հասցէին:
Ուահապ, ըստ երեւոյթին, կ’ակնարկէ Մուսթաքպալ շարժումի զօրակիցներուն կողմէ Ժիէ շրջանին մէջ Երկուշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած ցոյցին: Ցոյցի դրդապատճառ հանդիսացած էր «LBCI» հեռուստակայանի յայտագիրին ժամանակ կատարած իր մեկնաբանութիւնը, ուր ան դիտել տուած էր, որ վարչապետի պաշտօնը Հարիրիի համար չէ:






