Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Կարօ Փայլան Անդրադարձած Է Թուրքիոյ Մէջ Մամլոյ Ազատութեան Խնդիրին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութենէն հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան խնդիրին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը տեղեկանանք Փայլանի թուիթըրեան էջէն:

Կարօ Փայլան մէկ առ մէկ ներկայացնելով իշխանամէտ թերթերուն՝ քննադատած է զանոնք: Ան խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած է թրքական «Սապահ», «Եէնի Շաֆաք», «Միլլիեթ», «Թուրքիէ», «Սթար» թերթերը եւ ամօթանք տուած անոնց անձնակազմին:

«Մեր ժամանակներուն, Թուրքիոյ մէջ գործող մամուլը ունի երկու ճամբայ. կամ պէտք է գովաբանէ սուլթանը, կամ ըլլայ ազատ: Ազատ մամուլ ըլլալը ունի իր գինն ու դժուարութիւնները, որոնցմէ են՝ բռնաճնշումները, գովազդի սահմանափակումը, ձերբակալութիւնները»,- ըսած է պատգամաւորը:

Փայլան նշած է, թէ որեւէ ուժ, որ չենթարկուիր քննադատութեան, սխալներ կը գործէ:

«Անոնք (իշխանութիւնները) կը փափաքին, որ մարդիկ թերթ չկարդան, չքննադատեն, հարցեր չտան, սակայն ատիկա, նախ եւ առաջ, կը վնասէ Էրտողանը, քանի որ որեւէ ուժ, որ չենթարկուիր քննադատութեան, սխալներ կը գործէ»,- ըսած է Փայլան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին