«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ դատախազութիւնը սէուտացի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան մէջ մեղադրուող անձերը ձերբակալելու որոշում կայացուցած է: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «Diken» պարբերականը:
Խաշոկճիի սպանութեան մէջ ներկայիս կը մեղադրուի 18 անձ, որոնցմէ 15 Սէուտական Արաբիայէն Իսթամպուլ ժամանած են սպանութեան օրը:
Թուրքիոյ դատարանը սպանութեան գործի մեղադրեալները մեղադրանք առաջադրած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 81 եւ 82 (առանձնակի դաժանութեամբ իրականացուած կանխամտածուած սպանութիւն) յօդուածներով:






