Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Մասնակցած է Ոստիկանութեան Ծառայողի Օրուան Նուիրուած Տօնակատարութեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 30-ին, մասնակցած է Ոստիկանութեան ծառայողի օրուան նուիրուած տօնակատարութեան:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահը շնորհաւորած է ոստիկանութեան համակարգի աշխատակիցներն ու վեթերանները մասնագիտական տօնին առիթով, արժեւորած անոնց ծառայութիւնը, կանգ առած շարք մը խնդիրներու եւ ընելիքներու վրայ:

Ծառայողական պարտականութիւնները բարեխղճօրէն կատարելու, ծառայութեան ընթացքին բարձր արդիւնքներու հասնելու համար եւ մասնագիտական տօնին առիթով՝ երկրի ղեկավարը պետական պարգեւներ յանձնած է համակարգի խումբ մը աշխատակիցներու եւ մէկ աշխատակիցի շնորհած է ոստիկանութեան գնդապետի կոչում:

Տօնակատարութեան ներկայ եղած են ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին