Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Պետական Դատախազը Մերժեց Ուահապի Բողոքը Ընդդէմ Հարիրիի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ինչպէս կը հաղորդեն տեղական լրատուամիջոցները, պետական դատախազ Սամիր  Համմուտ երէկ մերժեց Սուրիոյ զօրակցութիւնը վայելող նախկին երեսփոխան, Թաուհիտ հոսանքի առաջնորդ Ուիամ Ուահապի բողոքը ընդդէմ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի:
Հինգշաբթի Ուահապ յայտարարեց, որ ինք բողոք ներկայացուցած է ընդդէմ Հարիրիի եւ անոր զօրակիցներուն: Վերջիններս ցոյցի ժամանակ մահուան սպառնալիքներ ուղղած են Թաուհիտ կուսակցութեան առաջնորդի հասցէին:
Ուահապ, ըստ երեւոյթին, կ’ակնարկէ Մուսթաքպալ շարժումի զօրակիցներուն կողմէ Ժիէ շրջանին մէջ Երկուշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած ցոյցին: Ցոյցի դրդապատճառ հանդիսացած էր «LBCI» հեռուստակայանի յայտագիրին ժամանակ կատարած իր մեկնաբանութիւնը, ուր ան դիտել տուած էր, որ վարչապետի պաշտօնը Հարիրիի համար չէ:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին