Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Օդուժը Հրթիռակոծած է PKK-ի Դիրքերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Նոյեմբեր 30-ին, Թուրքիոյ օդուժը գործողութիւն մը իրականացուցած է Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK) յենակէտերուն ուղղութեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Sabah-ը։

Հրթիռակոծուած են Հաքուրք, Աւաշին-Պասեան, Կարա, Հաֆթանին եւ Մետինա շրջանները։ Գործողութեան հետեւանքով սպաննուած է 14 քիւրտ զինեալ։

Օդային գործողութիւն իրականացնելու մասին լուրը յայտնած է Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբը՝ Twitter-ի իր էջով։

Յիշեցնենք, որ PKK-ն Թուրքիոյ մէջ կը համարուի ահաբեկչական կազմակերպութիւն։ Վերջինիս դէմ ռազմական գործողութիւններ կ՝ընթանան թէ՛ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, թէ՛ դուրս։ Հիւսիսային Իրաքի մէջ PKK-ն ունի շարք մը յենակէտեր։ Այնտեղ կը գտնուի PKK-ի գլխաւոր ռազմակայանը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին