Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Դատախազութիւնը Սէուտացի Լրագրողի Սպանութեան Գործով Մեղադրեալները Ձերբակալելու Որոշում Կայացուցած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ դատախազութիւնը սէուտացի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան մէջ մեղադրուող անձերը ձերբակալելու որոշում կայացուցած է: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական «Diken» պարբերականը:

Խաշոկճիի սպանութեան մէջ ներկայիս կը մեղադրուի 18 անձ, որոնցմէ 15 Սէուտական Արաբիայէն Իսթամպուլ ժամանած են սպանութեան օրը:

Թուրքիոյ դատարանը սպանութեան գործի մեղադրեալները մեղադրանք առաջադրած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 81 եւ 82 (առանձնակի դաժանութեամբ իրականացուած կանխամտածուած սպանութիւն) յօդուածներով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին