«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն երէկ հանդիպում ունեցաւ երեսփոխան Հիքմաթ Տիպի հետ, ուր յայտարարեց, որ ան կառավարութեան կազմաւորումէն ետք պիտի հետապնդէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բռնաբար կորսուած անձանց հետաքննութեան մասին օրինագիծի իրականացման գործընթացը: Այս մասին կը տեղեկանանք նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած յայտարարութենէն:






