Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

ԱՄՆի Ծերակոյտը Դատապարտեց Ռուսիոյ Գործողութիւնները Քերչի Նեղուցին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ԱՄՆի քոնկրեսի ծերակոյտը 29 Նոյեմբերին միաձայն բանաձեւ ընդունած է Քերչի նեղուցի իրադարձութիւններուն պատճառով Ռուսիոյ գործողութիւններու դատապարտումով: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ըսուած է երկրի օրէնսդիր մարմինի վերին պալատի կայքին մէջ:

«Ընդունուած է ծերակոյտի 709րդ բանաձեւը, որ կը դատապարտէ Քերչի նեղուցին մէջ Ռուսիոյ սադրիչ գործողութիւնները ուքրանական ռազմածովային ուժերուն դէմ»,- նշուած է ծերակոյտի կայքին մէջ: Բանաձեւի հեղինակներէն մէկը՝ Ռոն Ճոնսոնը (հանրապետական Ուիսքոնսինի նահանգէն), պատմած է, որ փաստաթուղթը կը բովանդակէ «նաւերը անյապաղ վերադարձնելու եւ կալանաւորուածները ազատ արձակելու կոչ»: Իր խօսքով՝ բանաձեւը «գրեթէ 50 համահեղինակ ունի ծերակոյտն մէջ», որուն տեղերը կը հասնին 100ի: Փաստաթուղթին մէջ նաեւ աջակցութիւն կը յայտնուի Քիեւի իշխանութեան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ 29 Նոյեմբերին աւելի կանուխ ԱՄՆէն մեկնած է Արժանթին: Ինքնաթիռին մէջ ան որոշում ընդունած է չեղեալ յայտարարել գագաթնաժողովին Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը՝ կապուած Քերչի նեղուցի իրադարձութիւններուն հետ, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին