«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուքրանիոյ պետական սահմանապահ ծառայութիւնը արգիլած է Ռուսիոյ՝ 16էն մինչեւ 60 տարեկան արական սեռի քաղաքացիներու մուտքը երկրի տարածք: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, 30 Նոյեմբերին յայտնած է գերատեսչութեան ղեկավար Փիոթր Ցիկիքալը:
«Անցակէտերուն վրայ կը ձեռնարկուին վերահսկողութեան հզօրացուած միջոցներու: Այսօրուան դրութեամբ սահմանափակուած է օտարերկրացիներու մուտքը, առաջին հերթին Ռուսիոյ Դաշնութեան քաղաքացիներուն համար: Արգիլուած է ՌԴի՝ 16էն մինչեւ 60 տարեկան արական սեռի քաղաքացիներու մուտքը»,- ըսած է ան Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյի հետ կայացած խորհրդակցութեան մէջ, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:






