Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արեւմտահայերէնի Յանձնաժողովի Հանդիպումը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2018ին նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Երուանդ Փամպուքեանի՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի յանձնաժողովի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Աշխատանքային հանդիպումին լայնօրէն քննարկուեցան կատարուած աշխատանքները, ի մասնաւորի ուղղագրութեան առնչուած ուղեցոյցը: Որոշ փոփոխութիւններէ ետք, յիշեալ ուղեցոյցը պիտի ղրկուի յանձնաժողովի սփիւռքատարած անդամներուն՝ ստանալու համար անոնց տեսակէտը։ Նոյն ուղեցոյցը նաեւ պիտի տեղադրուի կաթողիկոսարանի կայքէջին վրայ, որպէսզի լեզուագէտներ, ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ արեւմտահայերէնի մասնագէտ ազգայիններ կարենան յանձնաժողովին յայտնել իրենց տեսակէտները։

Ժողովը նաեւ քննեց սոյն աշխատանքը արհեստագիտութեան ճամբով մեր ժողովուրդի զաւակներուն տրամադրելու կարելիութիւնները:

Ժողովի աւարտին, վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ հակառակ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան այս աշխատանքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ արեւմտահայերէնը Սփիւռքի մէջ հայապահպանման կարեւոր կռուաններէն մէկը կը կազմէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին