«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութենէն հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ազատութեան խնդիրին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին կը տեղեկանանք Փայլանի թուիթըրեան էջէն:
Կարօ Փայլան մէկ առ մէկ ներկայացնելով իշխանամէտ թերթերուն՝ քննադատած է զանոնք: Ան խորհրդարանին մէջ ներկայացուցած է թրքական «Սապահ», «Եէնի Շաֆաք», «Միլլիեթ», «Թուրքիէ», «Սթար» թերթերը եւ ամօթանք տուած անոնց անձնակազմին:
«Մեր ժամանակներուն, Թուրքիոյ մէջ գործող մամուլը ունի երկու ճամբայ. կամ պէտք է գովաբանէ սուլթանը, կամ ըլլայ ազատ: Ազատ մամուլ ըլլալը ունի իր գինն ու դժուարութիւնները, որոնցմէ են՝ բռնաճնշումները, գովազդի սահմանափակումը, ձերբակալութիւնները»,- ըսած է պատգամաւորը:
Փայլան նշած է, թէ որեւէ ուժ, որ չենթարկուիր քննադատութեան, սխալներ կը գործէ:
«Անոնք (իշխանութիւնները) կը փափաքին, որ մարդիկ թերթ չկարդան, չքննադատեն, հարցեր չտան, սակայն ատիկա, նախ եւ առաջ, կը վնասէ Էրտողանը, քանի որ որեւէ ուժ, որ չենթարկուիր քննադատութեան, սխալներ կը գործէ»,- ըսած է Փայլան:






