Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Վրաստանի Նախագահական Ընտրութիւններուն Յաղթած Է Սալոմէ Զուրապիշվիլին. Ան Ստացած Է Ձայներու 59.52 Տոկոսը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վրաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի արդիւնքներով յաղթած է Սալոմէ Զուրապիշվիլին՝ հաւաքելով ձայներու 59.52 տոկոսը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»ը, այս մասին յայտնած է Վրաստանի կեդրոնական ընտրական յանձաժողովը:

Միւս թեկնածուն՝ Կրիկոլ Վաշաձէն, ստացած է ձայներու 40.48 տոկոսը:

Վրաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան աւարտէն ետք բոլոր 3705 ընտրական տեղամասերուն մէջ ձայներու հաշուարկէն ետք պարզուած է, որ Զուրապիշվիլիի օգտին քուէարկած է 1 միլիոն 147 հազար 672 ընտրող, որ կը կազմէ 59.52 տոկոսը, իսկ Վաշաձէի օգտին քուէարկած է 780 հազար 633 ընտրող կամ 40.48 տոկոսը:

Վրաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը կայացած է Նոյեմբեր 28ին, որուն մասնակցած են անկախ թեկնածու Սալոմէ Զուրապիշվիլին, որուն կ’աջակցէր Վրաստանի մէջ իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը, եւ ընդդիմադիր «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութեան (Վրաստանի նախկին նախագահ Միխէիլ Սաաքաշվիլիի կուսակցութիւնը) թեկնածու Կրիկոլ Վաշաձէն:

Վրաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներով՝ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին մասնակցած է ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք ունեցողներու 52.23 տոկոսը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին