Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

ՄԱԿի Մէջ Սուրիոյ Մշտական Ներկայացուցիչը Զգուշացուցած Է Թուրքիան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մէջ Սուրիոյ մշտական ներկայացուցիչը խօսած է Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող քայլերու մասին եւ նախազգուշացուցած Թուրքիան: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:

ՄԱԿի մէջ Սուրիոյ մշտական  ներկայացուցիչ Պաշար Ժաֆարին յայտարարած է, որ Թուրքիան կը խախտէ Սոչիի համաժողովին ստանձնած պարտականութիւնները, եւ Սուրիոյ տարածքին 12 հսկիչ կէտեր ստեղծելու եւ ոստիկաններ տեղակայելու փոխարէն զինուած ուժեր կը կեդրոնացնէ: Ժաֆարին յայտնած է, որ Թուրքիա կրնայ օգնութիւն ցուցաբերել իր զօրքերը դուրս բերելով Սուրիայէն:

«Անօրինական կերպով Սուրիա մուտք գործած թրքական զօրքը պէտք է դուրս բերուի»,- ըսած է Ժաֆարին:

Սուրիոյ ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ եթէ Թուրքիան ինքնակամ դուրս չբերէ զօրքերը, ապա Սուրիան այլ միջոցներու կը ձեռնարկէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին