ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Հայ Կին» միաւորը Սոնա Եագուպեանի առաջնորդութեամբ 2002-էն սկսեալ արդէն բացած է յղի կանանց հինգ կեդրոններ՝ Վանաձոր, Թալին, Եղվարդ, Չարենցաւան եւ Երեւան, ուր յղի կանայք կը յաճախեն ապագայի առողջ մանուկներ ապահովելու: 16 տարուան ընթացքին այս ծրագրին մասնակցող կանայք ազգին տուած են 2800 առողջ մանուկներ:
Սկզբնական շրջանին ծրագիրը շեշտը դրաւ մանաւանդ սնունդ եւ անհրաժեշտ վիթամիններով ապահովելու կեդրոնները յաճախող կիները, որոնք անապահով ընտանիքներէ կու գային: Սնունդի առընթեր մասնակիցներուն կը տրուէր իրենց ֆիզիքական առողջութիւնը բարելաւելու, ինչպէս նաեւ նորածիններու խնամքի սկզբունքներ:
1.- Ներկայիս նկատի առնելով որ Հայաստանի բնակչութեան նիւթականը բարելաւուած է վերջին 16 տարիներուն՝ շեշտը դրուեցաւ մայրական կրթութեան եւ կանանց իրաւունքներու քննարկման վրայ: Մասնագէտները եւ հովանաւորները անդրադարձան թէ Հայաստանի մէջ երիտասարդուհիներ ընտանիք կազմելու եւ սեռական կեանքի մասին անհրաժեշտ գիտելիքներ եւ հմտութիւններ չեն ստանար ո՛չ ընտանիքէն եւ ո՛չ ալ դպրոցէն:
«Համակրթական հիմնական դպրոցի ուսումնական ծրագրերում 2013 թուականից դասաւանդւում է «Կեանքի հմտութիւններ» առարկան, որը չի կարեւորում անհրաժեշտ գիտելիքներ որքան վերաբերմունքի եւ հմտութիւնների ուսուցումը՝ շեշտադրելով ընտանեկան աւանդական արժէքների ամրապնդման գաղափարի վրայ: Պակաս ուշադրութեան են արժանանում մարդու իրաւունքների եւ օրէնքի գերակայութեան խնդիրները ներդաշնակ ապրելու համար»: Անշուշտ «Կեանքի հմտութիւններ» առարկան կարեւոր է, սակայն երիտասարդ աղջիկներու ամուսնութեան եւ մայրութեան ծրագրին մաս չեն կազմեր:
2.- Նոր խումբեր
Երեւան եւ Չարենցաւան արդէն ունին 14-25 տարեկան երիտասարդուհիներու համար նոր ծրագիր: Այս խումբերը կանոնաւորաբար կը հանդիպին ու կը պատրաստուին ամուսնութեան եւ մայրութեան առողջ ապրելակերպի էական միջոցներով յաղթահարելու համար ընտանեկան հարցերն ու ընդհարումները: Տրուած գիտելիքներու շնորհիւ երիտասարդուհիներու կեանքի մակարդակը ու ներդրումը կը բարձրանայ յաղթահարելով ընդունուած կնոջ տիպարը: Այս ծրագիրը արդէն ընդգրկուած է միւս՝ Թալին, Վանաձոր եւ Եղվարդ կեդրոններուն մէջ: Ծրագիրը պատրաստուած, փորձուած ու սրբագրուած է Երեւանի կեդրոնի հետ աշխատող Երեւանի Պետական Համալսարանի Սոցիալական աշխատանքի (Social work) ամպիոնի շրջանաւարտներու կողմէ:
Յղի կանանց ծրագիրը կը զօրանայ իր շուրջը հաւաքուած մասնագէտներով, որոնք կը դիւրացնեն նոր սերունդի ապագայի կեանքը, նպաստելով անոնց հոգեբանական եւ ընկերային ամրապնդման:
3.- Այս մասնագէտները որոնք կը գործակցին Երեւանի կեդրոնին հետ յարմար նկատեցին երրորդ տարիքի կանանց խումբեր կազմակերպելու: Պարզ խօսքով, համախմբել յղի կանանց կեսուրները բացատրելու համար կեդրոններու մէջ տարուած աշխատանքին կարեւորութիւնը՝ ընդգրկելով զիրենք որպէս զօրակցող:
Երրորդ տարիքի կանանց տեղեկացնելու Հայաստանի ընտանիքի, կանանց եւ երեխաներու իրաւունքներու նորագոյն սահմանումները: Ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի հրատարակած Հայաստանի մէջ կատարուած “Selective Abortion” ի մասին վերջին տեղեկութիւնը ուր կը բացայայտուի թէ յաճախ կեսուրներն են պատճառը հարսերու որոշումին՝ վիժումի դիմելու:
Արդարեւ, զիրար ամբողջացնող երեք ծրագիրներ կը գործեն «Հայ Կին»-ի Հայաստանի 5 կեդրոններուն մէջ ընդգրկելով 14-65+ տարիքի կանայք։
ՆԱՌԱ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Հոգ. Գ. Թ. Դոցենտ






