«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեան:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ծերութեան, հաշմանդամութեան եւ կերակրողը կորսնցնելու պարագային նպաստ ստացողներու ծայրայեղ աղքատութիւնը յաղթահարելու նպատակով կառավարութիւնը փոփոխութիւններ կատարած է անցեալին ընդունած որոշումներուն մէջ: Ըստ այնմ կ’առաջարկուի զինուորական պարտադիր ծառայութեան (ժամկէտային) շարքային կազմի զինծառայողի հաշմանդամութեան զինուորական կենսաթոշակի չափը երրորդ խումբի հաշմանդամի համար (18000 դրամ) եւ զինուորական պարտադիր ծառայութեան (ժամկէտային) շարքային կազմի մահացած (զոհուած) զինծառայողի ընտանիքի անդամի կերակրողը կորսնցնելու պարագային զինուորական կենսաթոշակի չափը (24000 դրամ), ծերութեան, հաշմանդամութեան, կերակրողը կորսնցնելու պարագային նպաստներու չափերը սահմանել 25500 դրամ։ Սահմանուած է նաեւ, որ որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 2019ի Յունուար 1էն։ Ներկայիս ծերութեան նպաստի չափը կը կազմէ 16000 դրամ, 1ին խումբի հաշմանդամի եւ հաշմանդամ երեխայի համար՝ 21500 դրամ, երկրորդ խումբի հաշմանդամի համար՝ 19000 դրամ, երրորդ խումբի հաշմանդամի համար՝ 16000 դրամ, կերակրողը կորսնցնելու պարագային նպաստի չափը՝ 16000 դրամ։
Կարեւորելով ընդունուած որոշումը՝ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատարը նշած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սոցիալական պետութիւն է, եւ բոլորս պարտաւորութիւն ունենք սոցիալապէս խոցելի խմբերի առաջ: Պէտք է լաւագոյն ջանքերը գործադրենք, որպէսզի այդ պարտաւորութիւնը որքան հնարաւոր է արժանապատիւ կերպով իրականացնենք»:
Գործադիրը հաւանութիւն տուած է «Պետական կենսաթոշակներու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացումներ եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: Օրինագիծի նպատակը կենսաթոշակառուներու ծայրայեղ աղքատութիւնը յաղթահարելն է: Ըստ այնմ, կ’առաջարկուի պետական կենսաթոշակային ապահովութեան համակարգին մէջ ներդնել նոր գործիք՝ նուազագոյն կենսաթոշակի չափ։ Անիկա հնարաւորութիւն կու տայ ալ աւելի հասցէական դարձնելու վարուող քաղաքականութիւնը՝ թիրախաւորելով ցած կենսաթոշակները։ Նախագիծով կ’առաջարկուի սահմանել, որ «Պետական կենսաթոշակներու մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած կարգով հաշուարկուած կենսաթոշակի չափը չի կրնար պակաս ըլլալ ՀՀ կառավարութեան սահմանած նուազագոյն կենսաթոշակի չափէն։ Միաժամանակ ՀՀ պիւտճէական գործընթացի ծիրէն ներս կատարուած հաշուարկներու մէջ 2019ի Յունուար 1էն նուազագոյն կենսաթոշակի չափը նախատեսուած է 25500 դրամ (ծայրայեղ աղքատութեան գիծի չափով): Նախագիծով սահմանուած է նաեւ, որ օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ 2019ի Յունուար 1էն:






