Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Լիբանանահայութիւնը Տուաւ Իր Լուման. Արդիւնքը՝ Պատուաբեր $87,750 Նուիրահաւաքը Տակաւին Պիտի Շարունակուի

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ այս տարի իր կազմակերպած ռատիոթոնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ ամբողջ օրուան ընթացքին տեղի ունեցած դրամահաւաքին շնորհիւ համայն լիբանանահայութեան ջանքերով կարելի եղաւ հանգանակել 87,750 ամերիկեան տոլար:

Յայտնենք, որ այս գումարը յառաջիկայ օրերուն պիտի աւելնայ այլ բարերարներու նուիրատուութիւններուն գումարումով:

Լիբանանահայութեան պատուաբեր այս մասնակցութիւնը համահայկական տարեկան այս դրամահաւաքին կու գայ փաստելու, որ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մնալ հաւատարիմ հայրենակերտումի սուրբ գործին եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Արցախի բարգաւաճման եւ զարգացման նպաստող իւրաքանչիւր ծրագիրի:

Վարձքը կատա՛ր բոլորին եւ շնորհակալութի՛ւն բոլոր նուիրատուներուն:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ

Պէյրութ, 29 նոյեմբեր 2018

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին