Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Իտալիոյ Մէջ Նշուած Է Լիբանանցի Հայամէտ Լրագրող Թալալ Խրայսի Աշխատանքային Գործունէութեան 30ամեակը

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանները մասնակցած են լիբանանցի լրագրող Թալալ Խրայսի լրագրողական 30ամեայ գործունէութեան նուիրուած միջոցառումին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ մի քանի տասնեակ տեղացի եւ օտարերկրեայ լրագրողներ:

«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ գործունէութեան երեք տասնեակ տարիներու ընթացքին Խրայս Հռոմէն մշտապէս լուսաբանած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները՝ փորձագիտական կարծիք ձեւաւորելով Իտալիոյ ու մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

Որպէս պատերազմական լրագրող՝ բազմիցս վտանգելով կեանքը Սուրիոյ եւ այլ հակամարտութիւններու տարածաշրջաններու մէջ՝ լիբանանցի լրագրողը մշտապէս աջակցած եւ խորհուրդ տուած է այդ գօտիներուն մէջ աշխատող իտալացի բազմաթիւ լրագրողներու:

Իր գործունէութեան ընթացքին Թալալ Խրայսը բազմիցս լուսաբանած է նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ համայնքներուն առնչուող հարցեր, բարձրաձայնած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին:

Ներկաները բարձր գնահատած են Խրայսի կատարած աշխատանքն ու բաժակ բարձրացուցած իր հետագայ գործունէութեան շարունակականութեան համար:

Նշենք, որ իր պատանի տարիներուն Թալալ աշխատակիցը եղած է «Զարթօնք»ի: Ան այս հանգամանքը բազմիցս, ամէն բեմի վրայ ու ամէն առիթով հպարտութեամբ կը նշէ:

Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի բարեկամը մաղթելով առաւել եւս տարիներու բեղուն աշխատանք:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին