ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հրաւէրովը Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի, անցեալ Չորեքշաբթի՝ Նոյեմբեր 21-ին Հիւպատոսարանին մէջ, Կլենտէյլ, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն ի պատիւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի։ Ան, ինչպէս նաեւ արցախեան պատուիրակութիւնը Լոս Անճելըս ժամանած էին մասնակցելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ Թելեթոնին, Գոհաբանութեան տօնին առիթով։
Հրաւիրուած էին համայնքի գլխաւոր բոլոր կազմակերպութիւնները, հոգեւոր հայրեր, Լոս Անճելըսի հայկական թերթերու եւ հեռատեսիլի ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ եւ նահանգային խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեան։
Արցախեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին եւ իրենց խօսքը փոխանցեցին Արցախի թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը, «Հայաստան» հիմնադրամի նորընտիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը՝ Երեւանէն, Ուաշինկթընի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վարուժան Ներսիսեանը։ Խօսք առին նաեւ Գերաշնորհ առաջնորդ սրբազան հայրեր՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան։
Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Բայբուրդեան որպէս հիւրընկալ կարեւորեց Հիմնադրամին աշխատանքը, նախագահ Սահակեանի եւ Պարգեւ սրբազանի երկար տարիներու վաստակը յանուն Արցախի հզօրացման։
Բոլոր խօսքերն ալ ուղղուած էին Արցախ աշխարհի, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին բարօրութեան, միասնական աշխատանքին, որպէսզի յաղթահարենք մեր ժողովուրդին դիմաց ծառացած խնդիրները։
***
Նախագահ Բակօ Սահակեան անցնող շաբթուան ընթացքին բազմաթիւ այլ հանդիպումներ ունեցաւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։
ՆՈՐ ՕՐ