Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

ԵԱՀԿի Մէջ Դրական Գնահատած Են Վրաստանի Նախագահի Ընտրութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԵԱՀԿի խորհրդարանական վեհաժողովը դրական կը գնահատէ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, թէեւ «լրատուական միջավայրը խիստ բեւեռացուած էր»: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտարարած է ԵԱՀԿի ԽՎի դիտորդներու առաքելութեան ղեկավար Մարգարեթա Սետերֆելթը:

Նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 28ին: Անկախ թեկնածու Սալոմէ Զուրապիշվիլին հաւաքած է ձայներու 59.52 տոկոսը, ընդդիմադիր Կրիկոլ Վաշաձէն՝ 40.48 տոկոսը: «Վրաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է երկրորդ փուլ, եւ ատիկա նախագահի վերջին ուղղակի ընտրութիւններն են: Մասնակիցները կրնային ազատօրէն յայտնել իրենց դիրքորոշումները, եւ երկրորդ փուլը բաւականին մրցակցային էր: Ընտրական գործընթացը գնահատուած է դրական, բայց լրատուական միջավայրը խիստ բեւեռացուած էր, որակեալ անկողմնակալ տեղեկութիւնը հասանելի չէր Վրաստանի քաղաքացիներուն համար»,- յայտարարած է Սետերֆելթը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին