«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները, ներառեալ Հըզպալլան պէտք է ներկայացուցչութիւն ունենան նոր կառավարութեան մէջ: Այս մասին երէկ «Ալ Ժումհուրիա» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ժամանակ նշեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջնորդ Սամիր Ժաաժաա:
Ժաաժաա համոզում յայտնեց, որ առանց Հըզպալլայի կարելի չէ կազմաւորել նոր կառավարութիւնը՝ դիտել տալով, որ ան երկրի քաղաքական առաջատար դերակատարներէն է:






