«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն երէկ պաղեստինցի ժողովուրդին հետ նշեց համերաշխութեան միջագգային օրը՝ խստօրէն քննադատելով պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը վերացնելու միտուած բազում փորձերը:
Պաղեստինի ժողովուրդի անօտարելի իրաւունքներու իրականացման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ, Սենեկալի մէջ ՄԱԿի դեսպան Չէյխ Նիանկին ուղղուած նամակին մէջ Աուն նշեց, որ բազմաթիւ փորձեր կը կատարուին վերացնելու Պաղեստինի ժողովուրդի ինքնութիւնն ու իրաւունքները:
Ան նաեւ կարեւորեց յանձնաժողովի դերը պաղեստինեան ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ:






