«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի հանդիպում պիտի չունենայ Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող 6 սիւննի անկախ երեսփոխաններուն հետ: Այս մասին երէկ Մուսթաքպալ շարժումի մօտ աղբիւր մը յայտնեց «The Daily Star»ին:
Հարիրի մերժած է 6 սիւննի երեսփոխաններու հանդիպումի առաջարկը: Հանդիպումի նպատակը ըստ ամենայնի ուղղուած էր յարմարագոյն լուծում գտնելու նոր կառավարութեան մէջ սիւննի անկախ երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան խնդիրին:






