Իտալիոյ մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանները մասնակցած են լիբանանցի լրագրող Թալալ Խրայսի լրագրողական 30ամեայ գործունէութեան նուիրուած միջոցառումին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ մի քանի տասնեակ տեղացի եւ օտարերկրեայ լրագրողներ:
«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ՝ գործունէութեան երեք տասնեակ տարիներու ընթացքին Խրայս Հռոմէն մշտապէս լուսաբանած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները՝ փորձագիտական կարծիք ձեւաւորելով Իտալիոյ ու մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:
Որպէս պատերազմական լրագրող՝ բազմիցս վտանգելով կեանքը Սուրիոյ եւ այլ հակամարտութիւններու տարածաշրջաններու մէջ՝ լիբանանցի լրագրողը մշտապէս աջակցած եւ խորհուրդ տուած է այդ գօտիներուն մէջ աշխատող իտալացի բազմաթիւ լրագրողներու:
Իր գործունէութեան ընթացքին Թալալ Խրայսը բազմիցս լուսաբանած է նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ համայնքներուն առնչուող հարցեր, բարձրաձայնած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութեան մասին:
Ներկաները բարձր գնահատած են Խրայսի կատարած աշխատանքն ու բաժակ բարձրացուցած իր հետագայ գործունէութեան շարունակականութեան համար:
Նշենք, որ իր պատանի տարիներուն Թալալ աշխատակիցը եղած է «Զարթօնք»ի: Ան այս հանգամանքը բազմիցս, ամէն բեմի վրայ ու ամէն առիթով հպարտութեամբ կը նշէ:
Կը շնորհաւորենք մեր սիրելի բարեկամը մաղթելով առաւել եւս տարիներու բեղուն աշխատանք:






