Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Թելեթոն 2018՝ $11,109,633. Յաջորդ քայլը՝ աւելի թափանցիկ եւ վերաձեւափոխում

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Գոհաբանութեան տօնին առիթով տեղի ունեցած ամենամեայ հանգանակութիւնը այս տարի հատեց տասը միլիոնի սահմանը։ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22-ի առաւօտեան ժամը տասէն գիշերուան ժամը 10, 12 ժամ շարունակ Կլենտէյլի ARTN-ի սթիւտիոյէն ներս Թելեթոնին յաջողութիւնը, տասնեակներով կամաւորներու, Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի պաշտօնէութեան, հարիւրաւոր հայրենակիցներու ներկայութեան, անոնց խօսքին, հեռախօսազանգերուն եւ վերջապէս ազգային-հասարակական գրեթէ բոլոր կառոյցներու ներկայացուցիչներուն համընդհանուր աշխատանքին արդիւնքն էր։

Ընդհանուր հանգանակուած գումար յայտարարուեցաւ 11 միլիոն 109 հազար 633 տոլար, սակայն այս թիւը ենթակայ է փոփոխութեան, պարզ այն պատճառով, որ նուիրատուութիւնները կը շարունակուին տակաւին։

Յատկանշական է նշել, թէ 2,5 միլիոն տոլարի անյայտ բարերար մը, ինչպէս նաեւ մէկական միլիոն տոլարով, յայտնի գործարար բարերարներ Անդրանիկ Պաղտասարեան եւ Ալպերթ Պոյաճեան՝ աւելի քան մէկ երրորդը գոյացուցին հաւաքուած ընդհանուր գումարին։

Հեռուստամարաթոնին ներկայ էր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Արցախի քաջարի առաջնորդ՝ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։ Ներկայ էին նաեւ Արցախի Ուաշինկթընի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան, Հիմնադրամի նորանշանակ տնօրէն Հայկակ Արշամեան։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Հիմնադրամին ծրագիրներուն, ըլլան անոնք Հայաստանի սահմանամերձ Տաւուշի շրջանին մէջ, ըլլայ Արցախ կամ սուրիահայութեան՝ Հալէպի մէջ։ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յատկացումները պիտի ուղղուին ենթակառուցուածքային շինարարութիւններու եւ ջերմուժի ծրագիրներու։

Կը սպասենք թափանցիկութիւն եւ ժամանակ առ ժամանակ ծախսերու յստակ ներկայացում՝ պատկան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ ընդհանրապէս՝ հանրութեան։

Անհրաժեշտ է վերաձեւափոխել Հիմնադրամին կառոյցը եւ վերջ տալ մսխումներուն. այո՛, ուշ ենք, բայց ո՛չ ուշացած…

 

ՆՈՐ ՕՐ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին