Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Զինծառայողներուն Տրուած է Լիովին Ազատ Ընտրելու Հնարաւորութիւն. Արծրուն Յովհաննիսեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  «Զինուած ուժերու զինծառայողներուն, որոնց մէջ նաեւ ժամկետային զինծառայողներուն տրուած է լիովին ազատ ընտրելու հնարաւորութիւն»,- այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան` անդրադառնալով Դեկտեմբեր 9-ի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ զինծառայողներու ընտրութեան կարգին:

Յիշեցնենք, որ «168 ժամ» թերթը այսօր գրած էր, որ«Արցախի մէջ ծառայող զինուորները իրենց ծնողներուն տեղեկացուցած են, որ Դեկտեմբեր 9-ին զիրենք պիտի տեղափոխեն Գորիս եւ Կապան` ընտրութիւններուն մասնակցելու համար»:

«Հաշուի առնելով զօրամասերու տեղակայման վայրերը, անոնք պիտի ընտրեն մօտակայ ընտրատեղամասերու մէջ:

«Նման պնդումները աւելի քան վիրաւորական են մեր ժամկետային զինծառայողներոու հասուն գիտակցութեան եւ ինքնուրոյնութեան նկատմամբ, որոնք վերջին տարիներուն քանի մը անգամ, տարբեր արտակարգ իրավիճակներու մէջ ապացուցած են իրենց քաղաքական հասունութիւնը եւ կայացած անհատականութիւններ ըլլալու հանմանքը»,- գրած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին