Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Արմէն Սարգսեան Պեռլինի Մէջ Ներկայ Գտնուեցաւ Արամ Խաչատրեանի 115-ամեակին Նուիրուած Համերգին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնական այցով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան Նոյեմբեր 28-ի երեկոյեան հանրայայտ Քոնզերթհաուս Պեռլին (Konzerthaus Berlin) համերգասրահին մէջ ներկայ գտնուած են հայ մեծանուն երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի 115-ամեակին նուիրուած Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի համերգին` համաշխարհային հռչակ ունեցող ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանի մասնակցութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի մամուլի վարչութիւնը, համերգը ղեկավարած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թօփչեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին