Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Աուն Կը Քննադատէ Պաղեստինցիներու Տունդարձի Իրաւունքը Վերացնելու Միտուած Փորձերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Նախագահ Միշէլ Աուն երէկ պաղեստինցի ժողովուրդին հետ նշեց համերաշխութեան միջագգային օրը՝ խստօրէն քննադատելով պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի իրաւունքը վերացնելու միտուած բազում փորձերը:
Պաղեստինի ժողովուրդի անօտարելի իրաւունքներու իրականացման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ, Սենեկալի մէջ ՄԱԿի դեսպան Չէյխ Նիանկին ուղղուած նամակին մէջ Աուն նշեց, որ բազմաթիւ փորձեր կը կատարուին վերացնելու Պաղեստինի ժողովուրդի ինքնութիւնն ու իրաւունքները:
Ան նաեւ կարեւորեց յանձնաժողովի դերը պաղեստինեան ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ:   

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին