«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ Երեքշաբթի հանդիպում ունեցաւ Սերպիոյ Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խօսնակին հետ, ուր ան շեշտեց Լիբանանի եւ Սերպիոյ միջեւ տնտեսական գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
«Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասիլ Սերպիոյ Ազգային ժողովի խօսնակին հետ հանդիպումին կեդրոնացաւ տնտեսական գործակցութեան խորացման եւ ընդլայման, ինչպէս նաեւ առեւտրական, գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերական ոլորտներուն մէջ փորձի փոխանակման կարեւորութեան վրայ:






