Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Մեսրոպեանը Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Նշեց Բազմատեսակ Ձեռնարկներով

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը, մանկամսուրէն մինչեւ բարձր կարգեր, իւրաքանչիւր բաժնի համապատասխան աշխատանքներով եւ ձեռնարկներով նշեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկները կատարեցին տօնին համապատասխան ձեռային աշխատանքներ, տողանցեցին լիբանանեան երգերու կշռոյթներով, ներկայացուցին բանակին նուիրուած թատերական փոքր պատկերներ:

Կեդրոնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ՀԿՄ Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահին մէջ: Բացման խօսքը արտասանեց Թիֆանի Իիտ, ելոյթ ունեցաւ վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը, աշակերտները կատարեցին լիբանանեան ազգագրական պարեր, ներկայացուցին խմբային երգեր եւ ասմունք: Յատկանշական էր մանաւանդ անկախութեան պատմութեան նուիրուած թատերական ներկայացումը, ուր շեշտը դրուած էր ազգերու ինքնորոշման եւ սեփական պետութիւն ունենալու գաղափարին վրայ:

Այս տարի նորութիւն էր անկախութեան տօնին նուիրուած «Գիտելիքներու Մարաթոն»ը, որուն ընթացքին նախակրթարանի աշակերտները մրցեցան Լիբանանի պատմութեան մասին իրենց գիտելիքներով:

Միւս կողմէ, տօնին ընդառաջ, Մեսրոպեանի բարձր կարգի աշակերտները առանձին երկու օրերու ընթացքին այցելութիւններ տուին Լիբանանի բանակի օդուժի եւ յատուկ ուժերու Մաղաուիր կեդրոնները, ուր դիմաւորուեցան պատասխանատու սպաներու եւ հրամանատարութեան կողմէ: Աշակերտները ծանօթացան բանակային ծառայութեան պայմաններուն եւ դիտեցին զինուորական վարժանքներ: Յատուկ ուժերու կեդրոնին մէջ մարզիչ սպաներու հսկողութեամբ աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ կատարելու փորձ-վարժանքներ` բարձրութիւն մագլցիլ եւ պարանով բարձրութենէ իջնել: Այցին առիթով, Մեսրոպեանի աշակերտները գնահատանքի նշաններ յանձնեցին հրամանատարական կազմերուն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ծառայողներուն` հայրենիքի պաշտպանութեան գործին իրենց նուիրումին եւ դժուարին առաքելութեան համար:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին