Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հրապարակուած Է ՆԱԹՕի՝ Թուրքիան Քննադատող Առաջին Պաշտօնական Զեկոյցը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հրապարակուած է ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովի անվտանգութեան քաղաքացիական բաղադրիչի յանձնաժողովի զեկոյցը, ուր Թուրքիան կը ներկայացուի որպէս ՆԱԹՕի անդամ միակ անազատ երկիրը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական cumhuriyet.com.trն:

Զեկոյցին մէջ յղում կատարուած է Freedom Houseին եւ նշուած, որ Թուրքիան աշխարհի անազատ երկիրներու շարքին է:

Զեկոյցին մէջ քննադատուած են նաեւ 2016ին ռազմական յեղաշրջումի փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ գրանցուած անձնակազմային ջարդն ու զանգուածային ձերբակալութիւնները:

Շեշտուած է, որ Թուրքիոյ մէջ 2017ին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու բերումով նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի լիազօրութիւնները անհամեմատ ընդլայնուած են եւ բաղդատմամբ միւս նախագահական հանրապետութիւններուն հետ՝ այստեղ իշխանութիւնը հաւասարակշռուած չէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին