Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Հաւանական Է, Որ Թրամփ Չեղարկէ Փութինի Հետ Հանդիպումը G20ի Գագաթնաժողովին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Արժանթինի մէջ նախատեսուող հանդիպումի հաւանական չեղարկման մասին Քերչի նեղուցին մէջ ստեղծուած իրադրութեան պատճառով: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ան ըսած է «The Washington Post»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:

«Հանդիպումը կրնայ տեղի չունենալ: Ինծի հաճելի չէ այդ յարձակումը: Ես բնաւ յարձակում չեմ ցանկար»,- յայտարարած է ան: Թրամփ նշած է, որ վերջնական որոշում կայացնելու հարցին մէջ որոշիչ գործօն կը դառնայ Քերչի նեղուցին մէջ տեղի ունեցածի վերաբերեալ ազգային անվտանգութեան կազմի «ամբողջական հաշուետուութիւնը»:

Աւելի կանուխ ԱՄՆի ղեկավարը արդէն դժգոհութիւն յայտնած էր նեղուցի ջրատարածքին տիրող իրադրութենէն: Ան յոյս  յայտնած էր վերջինիս կարգաւորման կապակցութեամբ: Իր խօսքով՝ Եւրոպայի ղեկավարները արդէն կը փորձեն լուծել ճգնաժամը: Նոյեմբեր 25ին Քերչի նեղուցի Ղրիմի տարածքային ջուրերուն մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան պարեկանաւը կալանած է Ուքրանիոյ ռազմածովային ուժերու երեք նաւ:

Քիեւը սա գնահատած է որպէս «ռազմական յարձակումի արարք», Մոսկուան կը յայտարարէ, որ ուքրանացի նաւաստիները խախտած են Ռուսիոյ պետական սահմանը: Ռուսիոյ եւ ԱՄՆի ղեկավարներու հանդիպումը ծրագրուած է Արանթինի մէջ G20ի գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 30էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1: Փութին եւ Թրամփ պիտի քննարկեն երկու երկիրներու յարաբերութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին