«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնական այցով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Նոյեմբեր 28ին աշխատանքային նախաճաշ ունեցած է գերմանական շարք մը առաջատար ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն Հայաստանի մէջ կամ հետաքրքրուած են Հայաստանի հետ գործակցութեամբ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումը կազմակերպուած է Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան, «OWC» հրատարակչութեան, Գերմանիոյ տնտեսութեան Արեւելեան յանձնաժողովի ու «Արեւելեան Եւրոպա. մանր ու միջին տնտեսվարողներու միութեան» կողմէ։
Հանդիպումին մասնաւորապէս մասնակցած են «Ցեփելին», «Սիմենս», ՍԱՊ, «Նոքիա», «Շնայտեր կրուբ», «Էյրպաս կրուբ» եւ այլ ընկերութիւններու ղեկավարներ:
Նշելով, որ Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ յաջողութեամբ գործունէութիւն կը ծաւալեն գերմանական դրամագլուխի մասնակցութեամբ շարք մը ընկերութիւններ՝ նախագահ Սարգսեան միեւնոյն ժամանակ համոզում յայտնած է, որ այդ ոլորտները ընդլայնելու եւ գործակցութիւնը խորացնելու տակաւին մեծ ներուժ կայ:
Նշելով, որ 21րդ դարը արագ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան է՝ Հանրապետութեան նախագահը ըսած է, թէ Հայաստանը ճիշդ երկիր է, որ ճիշդ ժամանակին կը գտնուի ճիշդ տեղը։ «Ճիշդ ժամանակն է, քանի որ մենք ապրում ենք 21րդ դարասկզբին: Սա մի ժամանակաշրջան է, երբ ամէն բան շատ արագ է փոխուում: Գաղտնիք չէ, որ վերջերս աւարտել եմ իմ գիրքը, որը կոչուում է «Կլոպալ ռիսկերի քուանտային վարքագիծը»: Քուանտային ասելով նկատի չունեմ, որ կարելի է կիրառել քուանտային մեխանիկայի կանոնները: Քուանտայինը ենթադրում է, որ այդ վարքագիծն այլեւս դասականը չէ: 21րդ դարում փոփոխութիւնները դինամիկ են, սրընթաց եւ դրամատիկ: Միջոցները, որոնցով հնարաւոր է կառավարել եւ նկարագրել ռիսկերը 21րդ դարում, եւս դասականը չեն եւ չեն լինելու: Այս տեսանկիւնից Հայաստանի համար ճիշդ ժամանակն է»,– ըսած է նախագահ Սարգսեան՝ նշելով, որ մարդկութիւնը կ’ապրի սրընթաց փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան:
Հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ Հայաստանը հազարաւոր տարիներ եղած է քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին: «Այդ խաչմերուկն այսօր կարող է դառնալ կամուրջ, քանի որ այսօր Հայաստանը միակ երկիրն է, որը ԵԱՏՄ անդամ է, ինչը ենթադրում է, որ երկիրը ոչ թէ 3 մլն, այլ աւելի քան 200 միլիոնանոց շուկայ ունի, որը ներառում է Կենտրոնական Ասիան, Ռուսաստանը: Բացի այդ, Հայաստանը ստորագրել է խորը եւ համապարփակ համաձայնագիր Եւրամիութեան հետ, եւ մենք ցանկանում ենք խորացնել յարաբերութիւնները այդ կառոյցի հետ: Այսինքն, Հայաստանը միակ երկիրն է, որը խորը յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Արեւելքի, թէ՛ Արեւմուտքի հետ: Մեր երկիրը ճիշդ տեղում է»,- ընդգծած է Արմէն Սարգսեան:
Հանրապետութեան նախագահը գործարարներուն ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան գերակայ ուղղութիւնները, ներդրումային գրաւչութիւնը եւ գործարար միջավայրը, Հայաստանի մէջ առեւտրական ծաւալելու մրցակցային առաւելութիւնները։ «Հայաստանը հետաքրքիր տեղ է ներդրում անելու համար: Երկիրը տարբեր ոլորտներում մեծ ներուժ ունի՝ սկսած գիւղատնտեսութիւնից մինչեւ թեթեւ արդիւնաբերութիւն, բանկային ոլորտ եւ տեղեկատուական տեխնոլոգիաներ»,– ըսած է նախագահ Սարգսեան:
Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւններու ղեկավարները խօսած են իրենց ընթացիկ ծրագիրներու, անոնց ընդլայնման հնարաւորութիւններուն մասին։
Հանդիպումին մասնակից միւս գործարարներուն նախագահ Սարգսեան առաջարկած է այցելել Հայաստան` ուսումնասիրելու եւ քննարկելու փոխշահաւէտ գործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւնները:






