«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդը նախագահ Միշէլ Աունի առաջարկով քննարկեց ձմրան իրերայաջորդ տօնական օրերուն ապահովութեան մակարդակի բարձրացման հետ կապուած ծրագիրը:
Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ հանդիպումը տեղի ունեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի, նախարարներու, անվտանգութեան պաշտօնատարներու եւ դատական գործիչներու: Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլ չկրցաւ մասնակցիլ հանդիպումին՝ արտերկիր գտնուելուն պատճառով:






