«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Արժանթինի մէջ նախատեսուող հանդիպումի հաւանական չեղարկման մասին Քերչի նեղուցին մէջ ստեղծուած իրադրութեան պատճառով: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, ան ըսած է «The Washington Post»ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:
«Հանդիպումը կրնայ տեղի չունենալ: Ինծի հաճելի չէ այդ յարձակումը: Ես բնաւ յարձակում չեմ ցանկար»,- յայտարարած է ան: Թրամփ նշած է, որ վերջնական որոշում կայացնելու հարցին մէջ որոշիչ գործօն կը դառնայ Քերչի նեղուցին մէջ տեղի ունեցածի վերաբերեալ ազգային անվտանգութեան կազմի «ամբողջական հաշուետուութիւնը»:
Աւելի կանուխ ԱՄՆի ղեկավարը արդէն դժգոհութիւն յայտնած էր նեղուցի ջրատարածքին տիրող իրադրութենէն: Ան յոյս յայտնած էր վերջինիս կարգաւորման կապակցութեամբ: Իր խօսքով՝ Եւրոպայի ղեկավարները արդէն կը փորձեն լուծել ճգնաժամը: Նոյեմբեր 25ին Քերչի նեղուցի Ղրիմի տարածքային ջուրերուն մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան պարեկանաւը կալանած է Ուքրանիոյ ռազմածովային ուժերու երեք նաւ:
Քիեւը սա գնահատած է որպէս «ռազմական յարձակումի արարք», Մոսկուան կը յայտարարէ, որ ուքրանացի նաւաստիները խախտած են Ռուսիոյ պետական սահմանը: Ռուսիոյ եւ ԱՄՆի ղեկավարներու հանդիպումը ծրագրուած է Արանթինի մէջ G20ի գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 30էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1: Փութին եւ Թրամփ պիտի քննարկեն երկու երկիրներու յարաբերութիւնները:






