«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ Նոյեմբեր 27ի երեկոյեան այցելած է գերմանական Կարմիր խաչի կազմակերպութեան Պեռլինի կեդրոնակայան։
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ գերմանական Կարմիր խաչը, որ մարդասիրական աջակցութիւն կը տրամադրէ ողջ աշխարհին՝ բնական աղէտներէ եւ զինուած հակամարտութիւններէ տուժած գօտիներուն, Հայաստանի մէջ գործունէութիւն սկսած է ծաւալել 1988 թուականի Սպիտակի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք: Կազմակերպութիւնը աշխուժօրէն մասնակցած է ինչպէս փրկարարական աշխատանքներուն, այնպէս ալ ծաւալուն եւ բազմաբնոյթ աջակցութիւն ցուցաբերած է երկրաշարժէն տուժած բնակչութեան՝ գործակցելով հայկական Կարմիր խաչի ընկերութեան հետ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է գերմանական Կարմիր խաչի նախագահ Կերտա Հասսելֆելտթի հետ, շնորհակալութիւն յայտնած հայ ժողովուրդին համար այդ ծանր փուլին օգնութեան բարեկամական ձեռք մեկնելու համար։
Կազմակերպութեան աշխատակիցներու հետ հանդիպումին, Հանրապետութեան նախագահը, խօսելով 30 տարի առաջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժի ծանր հետեւանքներուն, մարդկային կորուստներուն, անօթեւան մնացած մեծաթիւ բնակչութեան մասին, նշած է: «Այս բոլորը շատ տխուր է եւ ողբերգական։ Բայց այս 30 տարուայ մէջ կայ նաեւ շատ մարդկային, ջերմ պատմութիւն։ Պատմութիւն մարդկային սիրոյ, հոգատարութեան, ուշադրութեան եւ անտարբերութեան բացակայութեան մասին։ Մենք՝ թէ՛ Հայաստանում, թէ՛ ողջ աշխարհում ապրող հայերս, երբեք չենք մոռանայ այն ջերմութիւնը, ուշադրութիւնը եւ մարդկային վերաբերմունքը, որ մեր բարեկամները ողջ աշխարհից ու նաեւ այս հրաշալի երկրից ցուցաբերեցին Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի նկատմամբ։ Ուզում եմ վստահ լինէք, որ իւրաքանչիւր հայի սրտում այդ խորին շնորհակալութիւնն ու յարգանքը կայ։ Սրանք պարզապէս գեղեցիկ բառեր չեն․ վերջերս Կիւմրիում էի, եւ այդ շնորհակալութիւնը նկատեցի ոչ միայն աւագ սերնդի մէջ, այլեւ նրանց, ովքեր երիտասարդ են, ովքեր չեն տեսել երկրաշարժն իրենց աչքերով, բայց պատմութիւնն իրենց մէջ է եւ իրենց մէջ կրում են նաեւ այն շնորհակալութիւնը, որ ծնողներն են փոխանցել։ Այնպէս որ, ես այստեղ եմ՝ ոչ միայն իմ, այլեւ ողջ հայ ժողովրդի անունից շնորհակալութեան խօսքեր ասելու համար»:
Ձեռնարկին ընթացքին, նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներ եւ յուշանուէրներ յանձնած է Գերմանիոյ Կարմիր խաչի շարք մը աշխատակիցներու։ Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքներուն վերացման աշխատանքներուն ցուցաբերած գործուն մասնակցութեան եւ բարեգործական անխոնջ գործունէութեան համար Գերմանիոյ Կարմիր խաչի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Եոհաննէս Ռիխտեր պարգեւատրուած է Մխիթար Հերացիի մետալով, Գերմանիոյ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներ Զիկֆրիտ Հեթմանշպըրկըր եւ Քառլ-Հայնց Շայտէն՝ երախտագիտութեան մետալով:
Դիմելով կազմակերպութեան նախագահ Կերտա Հասսելֆելտթին՝ նախագահ Սարգսեան խնդրած է իր շնորհակալութեան խօսքը փոխանցել Գերմանական Կարմիր խաչի բազմահազար մասնակիցներուն, բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակը, կեանքը եւ սէրը կը ներդնեն՝ ուրիշի դժուարութիւնը յաղթահարելու համար։
Ձեռնարկի աւարտին, գերմանական Կարմիր խաչի նախագահ Կերտա Հասսելֆելտթը Հայաստանի նախագահի տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանին յանձնած է Կիւմրիի «Պեռլին» դարմանատան վերանորոգման աշխատանքներու համար նախատեսուած 10 հազար եուրօ գումարի նուիրատուութեան կտրօնը:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նուիրատուութեան համար եւ աւելցուցած, որ Կիւմրիի «Պեռլին» դարմանատան վերանորոգման համար ճիշդ նոյն գումարի չափով նուիրատուութիւն պիտի ըլլայ նաեւ իր կողմէ՝ իբրեւ երկու ժողովուրդներու իսկական բարեկամութեան արտայայտութիւն եւ աւելի մեծ ծաւալի աշխատանքներ կատարելու հնարաւորութիւն:






