Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Լոնտոնը Եւ Փարիզը Յանցաւորութեան Դէմ Պայքարի Համակարգող Կեդրոն Ստեղծած Են Սահմանին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մեծ Բրիտանիան եւ Ֆրանսան Calais նաւահանգիստին մէջ ստեղծած են սահմանին յանցաւորութեան դէմ պայքարի համակարգող-տեղեկատուական կեդրոն: Ինչպէս ըսուած է Մեծ Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, կեդրոնը աշխատանքը սկսած է Նոյեմբեր 27ին, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը:

Կեդրոնի հիմնական խնդիրները կ’ըլլան երկու պետութիւններու սահմանապահ ծառայութիւններուն օգնութեան ցուցաբերումը տեղեկութեան փոխանակման, հասարակական անվտանգութեան սպառնալիքներու կանխման եւ սահմանի ապօրինի հատման դէպքերու դէմ պարքարի գործին մէջ:

Կեդրոնը նաեւ պէտք է օգնէ կազմակերպուած յանցաւոր խումբերու բացայայտման եւ անոնց գործունէութեան դադրեցման, որոնք մասնագիտացած են անօրինական գաղթականները Լա Մանշով Մեծ Բրիտանիա փոխադրելու գործին մէջ: Բացի անկէ՝ կեդրոնը կը զբաղի փոխադրամիջոցներու հոսքերու վերլուծութեամբ, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին