Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Առաջնորդական Պատգամ. «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 2018ի Դրամահաւաքին Առթիւ

Սիրելի՛ հայորդիներ ի Լիբանան,

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը այս տարի եւս կը հրաւիրէ լիբանանահայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերելու մեր հայրենիքին` Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման կենսական բնագաւառին։

Հայրենիքը կը շինուի հայուն միտքով եւ բազուկով ու կը պահպանուի հայուն ուժով եւ արիւնով։ Աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր հայրենանուէր անքակտելի պատկանելիութիւնը կ’արտայայտէ աշխատանքով եւ ի պահանջել հարկին` նահատակութեամբ։ Մեր պատմութիւնը լեցուն է հայրենիքի կերտման եւ պաշտպանութեան բազմաթիւ ներշնչիչ դրուագներով, ուր մանաւանդ ընդգծուած է մեր ժողովուրդին հաւաքական ներկայութիւնը։ Այսօր եւս նո՛յն մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուինք եւ նոյն նախանձախնդրութեամբ մեր ԱՅՈ՛-ն կ’ըսենք՝ մեր որդիական նիւթա-բարոյական զօրակցութիւնը արտայայտելով Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ։

Իւրաքանչիւր հայորդի, անձնազոհութեան սկզբունքէն մղուած, պարտաւոր է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Բերքառատ Արցախ» ծրագիրը սեփականացնելու, եւ, լիբանանահայութեան պարագային, ասոր կցելու «Փոխենք ներկան` կերտելու ապագան» կարգախօսը` Սպիտակի երկրաշարժի 30-ամեակի յամեցող սպիները դարմանելու համար մեր հայրենակիցներուն նորակառոյց բնակարաններ նուիրելու կոչին վեհանձնօրէն ընդառաջելով, նոյնիսկ երբ մեր ընկերակա-տնտեսական վիճակը այնքան ալ փայլուն չէ։

Լիբանանահայութիւնը յաւելեալ դրդապատճառ մը եւս ունի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինի առաջադրած Գիւմրիի շրջանին մէջ չորս ընտանիք նոր բնակարաններով օժտելուն մասնակցելու, որովհետեւ մեզ կանխող անմիջական սերունդը եւս, մօտաւոր անցեալին, որպէս Հայկական ցեղասպանութենէն վերապրող, խեղճ պայմաններ դիմագրաւելով թիթեղաշէն խրճիթներու մէջ ապրեցաւ եւ իր ճակտի քրտինքով քարաշէն եկեղեցի, դպրոց, ակումբ ու տուն կառուցեց եւ մեզի կտակեց։

Ականջալուր մեր մեծ ծնողներուն մշտահունչ ձայնին, եկէ՛ք հայուն վայել յանձնառութեամբ ընդառաջենք հայրենիքի յարաճուն շինութեան եւ առաւել ծաղկման` մեր երազած հայրենիքը ունենալու հեռանկարին հաւատարմութեամբ։ 

Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

29 Նոյեմբեր 2018

Պէյրութ – Լիբանան

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին