«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Radio One» ռատիօկայանի երկարամեայ հաղորդավար Կաւին Ֆորտ Երեքշաբթի սպանուած յայտնաբերուեցաւ իր բնակարանը: Այս մասին կը հաղորդէ ոստիկանական աղբիւր մը:
«Այս մահը ոչ թէ սովորական մահ, այլ հաստատապէս սպանութիւն է, սակայն տակաւին անորոշ է՝ այսօ՞ր, թէ երէկ սպանուեցաւ ան»,- երէկ ներքին անվտանգութեան ուժերու մօտ աղբիւր մը յայտնեց «The Daily Star»ին:






