Ուրբաթ, 13. 03. 2026

spot_img

Պասիլի Եւ Պըրրիի Քննարկումը Կեդրոնացաւ Կառավարութեան Կազմաւորման Իրագործման Գործնական Ուղիներուն Վրայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժպրան Պասիլի հաղորդմամբ՝ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ առաջին անգամ ըլլալով քննարկեցին կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի գործնական լուծումները:
«Առաջին անգամ ըլլալով գործնական ուղիներու եւ հաւանական լուծումներու մասին խօսեցանք խորհրդարանի նախագահին հետ: Եւ իրապէս բազմաթիւ ուղիներ կան այդ առումով: Ես անձամբ երեք հաւանական լուծումներու անդրադարձայ Նապիհ Պըրրիի հետ հանդիպումին: Բայց ամենակարեւորը սկզբունքներու պարագային համաձայնութեան գալ է: Այնուհետեւ մենք կրնանք դիւրաւ քննարկել բոլոր ուղիները»,- ըսաւ Պասիլ հանդիպումէն ետք հեռարձակուող խորհրդաժողովի ժամանակ:     

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին