«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆի առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ ցուցադրած է Սպիտակ տան սուրբծննդեան զարդարանքը, որ կատարուած է «հայրենասիրութեան ոգիով», կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը: ԱՄՆի նախագահի նստավայրի ձեւաւորմամբ տեսանիւթը հրապարակուած Է Մելանիայի եւ Սպիտակ տան թուիթըրեան օգտահաշիւներուն մէջ: Բացի այդ՝ ԱՄՆի նախագահի նստավայրի ներքին մասի զարդարութեան մասին կը խօսուի Սպիտակ տան հաղորդագրութեան մէջ: «Մելանիա Թրամփի կողմէ զարդարուած Սպիտակ տունը կը շողայ հայրենասիրութեան ոգիով»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի, որ Սպիտակ տան իւրաքանչիւր սրահ զարդարուած է որոշակի ոճով եւ նուիրուած է առանձին մարդոց կամ իրադարձութիւններու: Միաժամանակ սուրբծննդեան գլխաւոր գոյները դարձած են կարմիրը, կապոյտը եւ ոսկեգոյնը: Յայտարարութեան մէջ կը յաւելուի, որ Դեկտեմբերի ընթացքին Սպիտակ տունը կը դիմաւորէ 30 հազարէն աւելի այցելուներ, տեղի կ’ունենայ աւելի քան 100 ընդունելութիւն: ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ տիկնոջ՝ Մելանիայի հետ Նոյեմբեր 19ին Ծննդեան տօներու եղեւնիի դիմաւորման արարողութիւն կատարած են երկրի գլխաւոր նստավայրին մէջ: Վեց մեթրնոց ծառը, աւանդոյթի համաձայն, բերած են ձիերով լծուած կառքով: Սպիտակ տան մուտքի մօտ ԱՄՆի նախագահը եւ առաջին տիկինը դիտած են եղեւնին, որ խորքին մէջ բրգաձեւ սոճի է, որմէ ետք թոյլատրած են զայն կանգնեցնել:
Ծառը Ուաշինկթըն բերուած է Հիւսիսային Գարոլինայի նահանգէն, ուր ան աճած է Լերի Սմիթի ագարակի լեռներուն մէջ: Սմիթ դարձած է Սուրբ Ծննդեան տօնածառեր արտադրողներու ազգային միութեան մրցոյթի յաղթող: Փորձագէտները եւ գնորդները ամէն տարի կ’ընտրեն լաւագոյն արտադրողը, որուն պատիւ վիճակուած է պետութեան ղեկավարին ուղակելու Ծննդեան տօներու եղեւնին: Ընտրուած եղեւնին կը կշռէ աւելի քան 350 քիլոկրամ, ան 25 տարեկան է: