Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Թուրքիոյ ԱԳՆը Կը Կարծէ, Որ Սէուտացի Լրագրողի Դիակը Մասնատած Են Երաժշտութեան Ներքոյ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կը կարծէ, որ սէուտացի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի մարմինը մասնատած են երաժշտութեան ներքոյ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, Թուրքիոյ ԱԳՆը յայտնած է «Suddeutsche Zeitung» թերթի հետ զրոյցի ժամանակ:

 «Զինքը սպանած են 7 վայրկեանի ընթացքին: Փաստօրէն կանխամտածուած սպանութիւն եղած է: Դուք կրնաք ձայնագրութեան մէջ լսել, թէ ինչպէս դատաբժիշկը կը հրահանգէ միւսներուն: Անոնք պէտք է երաժշտութիւն լսէին, երբ կը մասնատէին դիակը: Կարելի է նկատել, թէ ան ինչպէս կը վայելէ այդ պահը»,- թերթի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Չաւուշօղլուն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ, ըստ իրենց, այդ նպատակով Թուրքիա ժամանած մարդիկ չէին կրնար ինքնուրոյնաբար գործել:

«Մենք կը մտածենք, որ այդ գործի համար Թուրքիա եկած մարդիկը չէին կրնար ինքնուրոյնաբար գործել: Անոնք չէին համարձակիր: Ամէն պարագայի առանց ապացոյցի ես չեմ կրնար հաստատ բան ըսել»,- նշած է նախարարը:

Նախնական վարկածներու համաձայն՝ լրագրողը սպանուած է Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգի պատուէրով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին